Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ համոզում յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ էմիրութիւնները կրնան Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ պայմաններու բարելաւման դեր խաղալ, «եթէ պաղեստինցիները այդ առնչութեամբ փափաք յայտնեն»:
«Թել Աւիւը պարզ հիմնական կեցուածք մը ունի, որուն համաձայն, պաղեստինցիները պէտք չէ Իսրայէլի քաղաքացիներուն վրայ չորս հազար հրթիռ արձակեն, եթէ կ՛ուզեն օժանդակութիւն ստանալ», նշեց Լափիտ:
Իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը համոզում յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը մտադիր է ընդլայնել «Աբրահամի համաձայնութիւններ»-ը` նշելով. «Այս հարցերուն նկատմամբ «Պայտընի եւ անոր նախորդին` Տանըլտ Թրամփի վարչակազմերուն գործելաոճին մէջ տարբերութիւն կայ»:



