Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այսօր Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կայունութեան Եւ, Իբրեւ Արդիւնք, Փոխադարձ Բարգաւաճման Առիթներ Ունին» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

July 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կայունութեան եւ, իբրեւ արդիւնք, փոխադարձ բարգաւաճման առիթներ ունին: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:

Ան կարեւոր նկատած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին ստեղծումը` բացատրելով, որ այդ միջանցքը բանալով` պիտի աւարտի Նախիջեւանի մեկուսացումը, իսկ Երեւան ցամաքային ճամբով Ազրպէյճանի տարածքով պիտի կապուի Մոսկուայի եւ այլ երկիրներու մայրաքաղաքներու հետ:

Ըստ Հաճիեւի, Ազրպէյճան յոյս ունի, որ այս զանգուածային վերափոխման ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պիտի չմնայ անցեալին մէջ, այլ պիտի կարենայ դառնալ ապագայի մաս. անոր փորձը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ:

«Այսօր մեզի կայունութեան եւ, իբրեւ արդիւնք, փոխադարձ բարգաւաճման կարելիութիւն կ՛ընձեռուի: Մենք զիրար ճանչնալու, միասին աւելի անվտանգ աճելու եւ բարգաւաճելու կարելիութիւն ունինք: Ի վերջոյ, վստահութեան ամրապնդման այս բոլոր քայլերը կրնան յանգեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը` աւելցնելով. «Խաղաղութեան եւ համագործակցութեան փոխարէն վրէժխնդրութեան փորձերը կրնան նոր աղէտի եւ ողբերգութեան յանգեցնել»:

Ան յիշեցուցած է, որ յունիսին Երեւանն ու Պաքուն, ըստ էութեան, կատարած են լարուածութեան մեղմացման առաջին փոխադարձ քայլը. Ազրպէյճանը Հայաստանին յանձնած է 15 պատերազմական գերիներ, իսկ Հայաստանը տրամադրած է ամբողջ Աղտամի (Ակնա) շրջանի ականապատ դաշտերու քարտէսները:

«Մենք պէտք չէ կանգ առնենք  դիւանագիտական այս յառաջընթացին վրայ, եւ պէտք է դիմակայութիւնը վերածենք համագործակցութեան: Որովհետեւ մեր առջեւ տակաւին շատ աշխատանք ունինք», ընդգծած է Հաճիեւ` նշելով, որ Երեւանը Պաքուին յանձնած է միայն մէկ շրջանի ականապատ դաշտերու քարտէսները:

Նախորդը

Լուքաշենքոն Որոշած Է «Ամբողջութեամբ Փակել Ուքրանիոյ Հետ Սահմանը»

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ը Պիտի Չմիջամտէ Սիւնիքի Եւ Գեղարքունիքի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.