Անգարան պատրաստ է խորացնելու Տուշանպէի հետ պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Տուշանպէի մէջ իր տաճիկ պաշտօնակից Շերալի Միրզոյի հետ բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ յայտարարած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար:
Աքար նաեւ յայտարարած է Տաճիկիստանի հետ սահմանային անվտանգութեան ապահովման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի իր փորձառութիւնը կիսելու` Թուրքիոյ պատրաստակամութեան մասին:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը համոզում յայտնած է, որ թուրք-տաճկական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն դրական եղանակով զարգանալ:
Հուլուսի Աքար նաեւ շեշտած է Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական նկատուող ՖԵԹՕ (Կիւլենի կազմակերպութիւն, «Ա.») կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կառուցողական համագործակցութիւնը:
Անոր համաձայն, «եղբայրական» Տաճիկիստանը Կեդրոնական Ասիոյ մէջ Թուրքիոյ կարեւոր գործընկերն է:
Աքար յիշեցուցած է, որ երկու երկիրները իրարու կապուած են պատմական, մշակութային եւ կրօնական ամուր կապերով:



