Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը:
Կը նշուի, որ քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղուած հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քիեւ երկար ժամանակէ ի վեր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Անգարայի հետ մերձեցման հարցին մէջ, յատկապէս` տնտեսական եւ զինուորական ոլորտներուն մէջ: Նախապէս Ուքրանիոյ նախագահը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, որ պիտի ցանկար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու եւ ապրանքաշրջանառութեան մակարդակը հասցնել այն մակարդակին, որ կը գերազանցէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ցուցանիշները: