Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձերբակալուած Է Հայիթիի Նախագահի Սպանութեան Ենթադրեալ Կազմակերպիչներէն Մէկը, Ան 63 Տարեկան Բժիշկ Է

July 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Հայիթիի իշխանութիւնները յայտնած են երկրի նախագահ Ժովենել Մոյիզի սպանութեան ենթադրեալ կազմակերպիչներէն մէկուն ձերբակալման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով տեղական «Ասենթօ» լրատուականին: Այս մասին յայտնած է Ազգային ոստիկանութեան գլխաւոր տնօրէն Լէոն Շարլը:

«Երբ աւազակներու գործողութիւնը կասեցուած է, առաջին մարդը, որուն անոնք հեռաձայնած են, Էմանուէլ Սանոնը եղած է», ըսած է ոստիկանութեան գլխաւոր տնօրէնը եւ նշած, որ յանցագործութեան դրդապատճառները քաղաքական եղած են:

Ձերբակալուածը Հայիթիի 63 տարեկան քաղաքացի բժիշկ Քրիսթիան Էմանուէլ Սանոնն է:

Իրաւապահ մարմինները կը փնտռեն երկու յաւելեալ ենթադրեալ կազմակերպիչները, որոնք կապ ունին Սանոնի հետ, սակայն անոնց անունները չեն հրապարակուիր: Հետաքննութեան տուեալներուն համաձայն, Էմանուէլ Սանոն կապուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող վենեզուելական անվտանգութեան աշխատակիցներ տրամադրող կազմակերպութեան հետ` ենթադրաբար կազմակերպելով զինուորագրումը քոլոմպիացիներու, որոնք այժմ կը մեղադրուին նախագահի սպանութեան համար: Սանոն իր անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով վարձած Քոլոմպիոյ քանի մը քաղաքացիներու ուղեկցութեամբ Հայիթի հասած է անձնական թռիչքով:

Նախորդը

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Վրաստանի Մէջ Հայերու Մասին Զեկուցումին. Վրաստանի Մէջ Վանտալիզմի Կ՛ենթարկուին Հայկական Եկեղեցիները, Հայերը Զրկուած Են Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելէ

Յաջորդը

«Եկած Է Սուրբ Երկիրը Բռնագրաւողներու Ոչնչացման, Պաղեստինի Եւ Սուրբ Երուսաղէմի Ազատագրման Դարաշրջանը» Կ՛ըսէ Խամենէի

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.