Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Վրաստանի Մէջ Հայերու Մասին Զեկուցումին. Վրաստանի Մէջ Վանտալիզմի Կ՛ենթարկուին Հայկական Եկեղեցիները, Հայերը Զրկուած Են Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելէ

Յուլիս 13, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է «Առանձին երկիրներու մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը» զեկուցումը, որուն մէջ, ի շարս բազմաթիւ երկիրներու, տեղ գտած է նաեւ Վրաստանը:

Վրաստանի մասին հատուածին մէջ ուշադրութեան արժանի են յատկապէս հայ համայնքին վերաբերող տողերը: Կը բարձրաձայնուին վրացահայերուն վերաբերող բազմաթիւ խնդիրներ:

«Միջազգային եւ վրացական իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Վրաստանի ժողովրդական պաշտպանը պարբերաբար անհանգստութիւն կը յայտնեն ազգային փոքր խումբերու մեկուսացման եւ վրացական «մեծամասնութենէն» օտարուելու կապակցութեամբ: Հայկական եւ ազրպէյճանական մեծ համայնքներու ներկայացուցիչներու երկրի հասարակական-քաղաքական կեանքին մասնակցութեան աստիճանը կը շարունակէ մնալ չափազանց ցած, ինչ որ անոնց չ՛արտօներ ամբողջութեամբ համարկուիլ վրացական հասարակութեան մէջ: Հանրային գործերուն անոնց մասնակցութեան խոչընդոտները տարածքային հիմքով քաղաքական կուսակցութիւններու ստեղծման արգելքն է, որ կը սահմանուի Վրաստանի սահմանադրութեան 23.3 յօդուածով: Եւրոպական խորհուրդի Վենետիկի յանձնախումբը բազմիցս բացասական կարծիքներ յայտնած է սահմանադրական այս կէտին վերաբերեալ», կը նշէ զեկուցումը:

Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայերու ազգային ինքնապահպանութեան խնդիրներուն:

«Օրինակ` հայ համայնքը շատոնց կը բարձրացնէր Սամցխէ-Ջաւախքի ինքնավարութեան հարցը, իսկ Քվեմօ-Քարթլիի ազրպէյճանցիները կը պահանջեն լայն ներկայացուցչութիւն տեղական մարմիններու մէջ, ուր բոլոր հիմնական պաշտօնները կը վարեն վրացիները: Այս կոչերը չեն գտներ Վրաստանի ղեկավարութեան աջակցութիւնը, որ զանոնք կը նկատէ իբրեւ անջատողական տրամադրութիւններու արտայայտութիւն:

«Բացի ատկէ, վրացական լրատուամիջոցներու մէջ յաճախակի դարձած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումները: 2011 թուականին Վրաստանի մէջ «Կրօնական դաւանանքներու ազատ արձանագրման մասին» օրէնքի որդեգրումէն ի վեր արձանագրուած են վանտալիզմի բազմաթիւ դէպքեր` հայկական եկեղեցիներու նկատմամբ», կը նշուի զեկուցումին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Վերջ Գտաւ ՀՅԴ Արցախի 26-րդ Շրջանային Ժողովը

Յաջորդը

Ձերբակալուած Է Հայիթիի Նախագահի Սպանութեան Ենթադրեալ Կազմակերպիչներէն Մէկը, Ան 63 Տարեկան Բժիշկ Է

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?