Ազրպէյճան Իր Դիւանագէտները Իրանէն Դուրս Կը Բերէ
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով հրահանգած է Իրանէն դուրս բերել թէ՛ Թեհրան գտնուող դեսպանատան, թէ՛ ալ Թաւրիզի մէջ գտնուող ընդհանուր հիւպատոսութեան աշխատակազմերը: Պայրամով այս մասին յայտարարած է Մոլտովայի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Միխայ Փոփշոյի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Պայրամով ընդգծած է, որ տեղի ունեցող գործընթացներուն լոյսին տակ կարելի չէ մարդոց կեանքը...




















