Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

իրանեան բանակը կը հերքէ թրքական հողերուն ուղղութեամբ որեւէ հրթիռ արձակելը

March 6, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան բանակի սպայակոյտը հերքեց թրքական հողերուն ուղղութեամբ որեւէ հրթիռ արձակելը եւ նշեց, թէ կը յարգէ Թուրքիոյ` բարեկամ եւ դրացի պետութեան գերիշխանութիւնը:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ ՕԹԱՆ-ը վնասազերծած է Իրանէն արձակուած թեւաւոր հրթիռ մը, որ դէպի թրքական օդային տարածք կ՛ուղղուէր:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ՕԹԱՆ-ի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են թեւաւոր հրթիռ մը, որ Իրանէն արձակուած եւ Իրաքէն ու Սուրիայէն անցած է` ուղղուելով թրքական օդային տարածք:

Վնասազերծուելէ ետք, հրթիռին մէկ մասը ինկած է Ալեքսանտրեթի մէջ, առանց որ վիրաւորներ արձանագրուին:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ Թուրքիան ինքնիրեն կը վերապահէ որեւէ սպառնալիքի հակադարձելու իրաւունքը:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը անդրադառնալով միջադէպին յայտարարեց. «Մեր հողերն ու օդային տարածքը պաշտպանելու բոլոր քայլերը պիտի որդեգրենք»:

«Մեր երկրի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու մեր վճռակամութիւնն ու կարողութիւնը կը գտնուին իրենց բարձրագոյն մակարդակին վրայ», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահական պալատը:

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ նշեց. «Ոչինչ մտածել կու տայ, թէ Թուրքիոյ դէպքը ՕԹԱՆ-ի 5-րդ յօդուածի կիրարկման պիտի յանգեցնէ»:

Թուրք պաշտօնատար մը աւելի ուշ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը կարծենք, թէ Իրանէն արձակուած հրթիռին թիրախը Թուրքիան չէր, այլ յունական Կիպրոսը, սակայն իր ուղիէն շեղեցաւ»:

 

Նախորդը

Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Նշէ. «Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Մեր Ուժերու Տեղակայումը Զինուորական Մագլցում Չէ»

Յաջորդը

Նախիջեւանի Մէջ Իրանեան Երկու Անօդաչու Թռչող Սարքեր Ինկան. Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Կը Պատրաստուինք Հակադարձելու»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.