Մոջթաբա Խամենէի. «Եթէ Պատերազմական Իրավիճակը Շարունակուի, Գործի Պիտի Լծուին Ճակատներ, Ուր Թշնամին Փորձառութիւն Չունի»
Իսրայէլեան ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ մեզի փոխանցեցին պատգամներ, թէ մտադիր չեն Իրանի դէմ պատերազմին հիմա վերջ տալ»: Ամերիկեան աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Թրամփ խանդավառ է պատերազմը առնուազն 3-էն 4 յաւելեալ շաբաթ շարունակելու` նախքան որոշում մը տալը»: Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ըսած է. «Ոչ ոք կրնայ վստահաբար ըսել,...




















