Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիրինովսքիի Յայտարարութիւնը Գայթակղութիւն Ստեղծած Է Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ

August 9, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր բողոքագիր յանձնուած է` երկրի ղեկավարութեան մասին Ռուսիոյ Ազատական¬ժողովդրավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքիի յայտարարութեան համար:

«Հանդիպումի ընթացքին մտահոգութիւն եւ բողոք ներկայացուած է` Ռուսիոյ տումայէն երեսփոխանի մը վիրաւորական յայտարարութեան նկատմամբ», «Մոսքովսքի Քոմսոմոլեց» օրաթերթին համաձայն նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Աղբիւրին բացատրութեամբ` խօսքը «Քոմսոմոլսքայա փրաւտա» ձայնասփիւռի կայանի եթերէն քաղաքական գործիչին ունեցած խօսքին մասին է. երբ անդրադառնալով Հայաստան¬Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող լարուած կացութեան` վերջինս ըսած էր. «Ռուսիան պէտք է վերադառնայ Ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան բոլոր տարածքներ: Հարաւային Կովկասը մեր ազդեցութեան գօտին է»:

Որպէսզի ռուս զինուորներու տեղակայուած շրջաններուն մէջ զոհեր չարձանագրուին, Ժիրինովսքին կոչ ուղղած է հրաւիրելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ ըսած անոր. «Իլհամ, քու հայրդ իմաստուն մարդ էր, այդ իսկ պատճառով, դուն ունիս այն տարածքը, որ կ՛ուզես, սակայն ոչ մէկ ռուս զինուորի ոչ ոք իրաւունք ունի նոյնիսկ ծուռ նայիլ: Ինծի հասկցա՞ր, Իլհամ»:

Ապա Ժիրինովսքին աւելցուցած էր. «Ազրպէյճանի մէջ բռնապետութիւն կայ, եւ եթէ Պայտըն ուզէ, Ալիեւը գահընկէց պիտի ընեն երկու շաբթուան ընթացքին, եւ զայն պիտի կարենայ փրկել միայն Ռուսիան, ինչպէս փրկեց Փաշինեանը»:

 

Նախորդը

«Թէեւ Զիս Կը Փորձէին Համոզել, Որ Ղարաբաղի Տագնապը Կը Լուծուի Սահմաններու Վերագծման Եղանակով, Բայց Ատիկա Անթոյլատրելի Էր» Կ՛ըսէ Կորպաչեւ

Յաջորդը

Յունաստանի Մէջ Անտառային Հրդեհները Մօտեցած Են Ողիմպիական Խաղերու «Ծննդավայր»-ին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.