«Ազրպէյճան կ՛աջակցի Վրաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան` անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ»: Այս մասին կը նշուի «Թուիթըր»-ի վրայ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակումին մէջ:
Կը նշուի նաեւ, որ ազրպէյճանական-վրացական յարաբերութիւնները կը զարգանան մեկնելով ռազմավարական գործընկերութենէն` հիմնուած յարգանքի եւ միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունքներուն հաւատարմութեան վրայ:



