Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւլէական Համաձայնութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Ժամանակացոյցը Անվերջ Չէ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

August 7, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի` անդրադառնալով Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններուն յայտնեց. «Մեր շահերէն կը բխի դիւանագիտական ճամբուն մէջ յառաջ ընթանալը, սակայն ժամանակացոյցը անվերջ չէ»:

«Մենք ներկայիս դրականօրէն տրամադրուած ենք Վիեննայի մէջ բանակցութիւններու 7-րդ փուլին վերադառնալու», աւելցուց Փսաքի:

Նախքան այն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի` իր երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջման յանգեցնող դիւանագիտական որեւէ հոլովոյթի աջակցութիւն յայտնելէն ետք, Միացեալ Նահանգներ հինգշաբթի օր Իրանը յորդորած էին արագ կերպով վերադառնալու բանակցութեան սեղան` վերականգնելու համար հիւլէական համաձայնագիրը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս այդ առիթով ըսած էր. «Իրանը կը յորդորենք մօտ օրէն վերադառնալու բանակցութիւններուն»: Ան աւելցուց. «Եթէ Ռայիսին պատժամիջոցներու ջնջման հասնելու իր մտադրութեան մէջ անկեղծ է, ապա Վիեննայի մէջ սեղանին վրայ ճիշդ ատիկա դրուած է»:

Ան յոյս յայտնեց, որ Իրան «այժմ առիթը կ՛օգտագործէ դիւանագիտական լուծումներուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու»` շեշտելով. «Պայտընի վարչակազմը այն կարծիքին է, որ համաձայնութիւնը Իրանի հիւլէական ծրագիրին վրայ մնայուն եւ ստուգելի սահմանափակումներ հաստատելու բանալին է»:

«Թեհրանի` համաձայնութեան կէտերուն դարձեալ յանձնառու դառնալուն դիմաց պատժամիջոցները ջնջելու առաջարկը անվերջ պիտի չըլլայ», ընդգծեց Փրայս:

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իրանեան խորհրդարանին մէջ իր երդման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց, որ «հիւլէականը (զէնքը, «Ա.») մեր պաշտպանական ռազմավարութեան մաս չի կազմեր»` աւելցնելով, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը «բացառապէս խաղաղ է, եւ հիւլէական զէնքը մեր հաւատամքին մէջ իսլամական օրէնքով արգիլուած է»:

 

 

 

Նախորդը

Անօդաչու Թռչող Սարքերու Դէմ Պայքարի Համակարգերու Օգտագործման Սէուտական-Ամերիկեան Վարժանքներ

Յաջորդը

Իրանի Պատասխանը Իսրայէլեան Որեւէ Անմիտ Քայլի Կտրուկ Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.