«ՏԱՀԵՇ-ին Յարմար Պահուն Հարուածելու Պիտի Ծրագրենք, Եւ Թալեպան Շարժումին Հետ Հասարակաց Շահեր Ունինք» Կ՛ըսէ Պայտըն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց. «Քապուլի մէջ տեղի ունեցաւ յարձակումը, որմէ զգուշացուցին գաղտնի սպասարկութիւնները, եւ անիկա պատճառ դարձաւ շարք մը ամերիկացիներու եւ քաղաքայիններու սպանութեան»: Ան նշեց. «Աւելի քան 100 հազար ամերիկացի եւ աֆղան քաղաքացիներ հեռացուեցան երկրէն, ինչ որ իր տեսակին մէջ օդանաւերու միջոցով հեռացման մեծագոյն գործողութիւնն է»: Պայտըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ ղեկավարները հարցին մանրամասնութեամբ կը հետեւին,...




















