Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Թալեպան Շարժումին Չենք Վստահիր Եւ Անոր Հետ Պաշտօնական Յարաբերութիւններ Չունինք»

August 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Աֆղանիստանի մէջ Թալեպան շարժումին հետ հաղորդակցութիւններ ունի` միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ ատիկա շարժումին հետ պաշտօնական յարաբերութիւններու կամ անոր նկատմամբ վստահութեան գոյութիւն չի նշանակեր:

«Մենք Թալեպան շարժումին բացարձակապէս չենք վստահիր, եւ վստահութեան մասին որեւէ խօսք չկայ: Խօսքը մեր շահերուն եւ աֆղան ժողովուրդի շահերուն մասին է, եւ մենք այդ հարցերով հաղորդակցութեան մէջ ենք Թալեպան շարժումին հետ», շեշտեց Փրայս:

«Մենք անոնցմէ արտօնութիւն չենք ուզեր եւ անոնց հետ որեւէ պաշտօնական յարաբերութիւն չենք հաստատեր: Մենք միայն մեր կարելին կ՛ընենք երկրէն հեռանալ ուզողներուն օգնելու համար», յայտնեց ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին` աւելցնելով, որ թալեպանները գիտեն, թէ երկրէն ամերիկացի քաղաքայիններու հեռացումը խոչընդոտող որեւէ արարք ուժեղ հակազդեցութեան պիտի արժանանայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճէյք Սոլիվըն մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն անվտանգութեան հարցերով, ներառեալ երկրէն ամերիկացի քաղաքացիներու հեռացման հարցով մնայուն կապի մէջ է:

«Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են արագ եւ հզօր պատասխան տալու, եթէ Թալեպան արմատական շարժումը խոչընդոտէ Աֆղանիստանի մէջ մնացած ամերիկացի քաղաքացիներու մուտքը Քապուլի օդակայան, ուրկէ երկրէն հեռացում կ՛իրականացուի», յայտարարած էր Սոլիվըն:

«Մենք անոնց տեղեկացուցած ենք, որ եթէ անոնք մեր քաղաքացիներուն չարտօնեն լքել երկիրը, ինչպէս նաեւ փորձեն խափանել կամ որեւէ ձեւով միջամտել մեր գործողութիւններուն եւ հեռացման աշխատանքին, մենք արագ եւ հզօր պատասխան պիտի տանք», «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած էր Սոլիվըն:

Թալեպան շարժումի բանբերը երէկ յայտնեց. «Միայն օտարները Աֆղանիստանէն պիտի հեռանան»:

Միւս կողմէ, «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը, վկայակոչելով աղբիւր մը, հաղորդեց որ թալեպանները գրաւած են որոշ քանակութեամբ զինուորական օդանաւեր, ուղղաթիռներ եւ հրթիռներ, ինչ որ կը յարուցէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան մտահոգութիւնը:

 

Նախորդը

«Իշխանութիւնը Իսլամական Պիտի Ըլլայ, Եւ Աֆղանիստան Այլ Պետութիւններու Անվտանգութեան Սպառնացող Որեւէ Գործողութեան Մեկնակէտ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Թալեպանի Բանբերը

Յաջորդը

Ռոնալտօ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ Մանչեսթըր Եունայթըտ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.