Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ եռակողմ դաշինքը նկատեց «ռազմավարական առաւելութիւն» մը եւ շրջանին մէջ արձանագրուելիք փոփոխութեան անքակտելի մասը:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լափիտ իր յոյն եւ կիպրացի պաշտօնակիցներուն հետ ճշդած են մօտիկ եւ հեռաւոր ապագայի մարտահրաւէրներն ու առիթները, ինչպէս նաեւ «կազի համախմբում»-ի ծիրին մէջ գործակցութեան կողքին ուժանիւթի մարզին մէջ դաշինքներու հաստատումը:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս կիրակի օր յայտնեց, որ իր իսրայէլացի եւ կիպրացի պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է ընդլայնումը երեք երկիրներուն միջեւ ուժանիւթի մարզին մէջ գործընկերութեան` այլ երկիրներու ներառման ճամբով: «Այսօր մեր նպատակը այլ պետութիւններու հետ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը ճշդելն է: Մենք կը կարծենք, որ կան այլ երկիրներ, որոնք մեզի պիտի միանան եւ մեր արժեչափերը կը կիսեն», ըսաւ ան:
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Առիթ ընծայուեցաւ պաշտօնակիցներուն ներկայացնելու Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի դէմ սադրանքներն ու խախտումները, ինչպէս իր կարգին անոր ծաւալապաշտական օրակարգն ու մտահոգիչ վարմունքը»:
Նշենք, որ Յունաստանը, Իսրայէլն ու Կիպրոսը մաս կը կազմեն յունուար 2019-ին կազմուած «Արեւելեան Միջերկրականի կազի համախմբում»-ին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ Եգիպտոսը, Պաղեստինը, Յորդանանն ու Իտալիան: Համախմբումի ուխտը 1 մարտին ուժի մէջ մտաւ, եւ համախմբումը հաւանութիւն տուաւ Ֆրանսային անդամի կարգավիճակով եւ Միացեալ Նահանգներու դէտի կարգավիճակով իրեն միանալուն: