Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իշխանութիւնը Իսլամական Պիտի Ըլլայ, Եւ Աֆղանիստան Այլ Պետութիւններու Անվտանգութեան Սպառնացող Որեւէ Գործողութեան Մեկնակէտ Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Թալեպանի Բանբերը

August 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր դոկտ. Մոհամետ Նայիմ յայտարարեց, որ շարժումը երկրի ներսին, շրջանի երկիրներուն ու միջազգային ընտանիքին մտահոգութիւններ փարատող պատգամներ յղած է, թէ Աֆղանիստանը որեւէ այլ պետութեան անվտանգութեան սպառնացող գործողութիւններու մեկնակէտ պիտի չըլլայ, ինչպէս նաեւ Աֆղանիստանի մէջ համաներման որոշում հրապարակած է բոլոր անոնց համար, որոնք տասնամեակներով իր դէմ կռուած են, ինչպէս նաեւ անոնց համար, որոնք իր թշնամիներուն հետ դաշնակցած են, եւ ատիկա կը կատարէ մեկնելով ուժի դիրքերէ, կարողութեան եւ կարելիութեան գոյութեան պայմաններուն մէջ:

Նայիմ, որ շարժումի քաղաքական բանակցութիւններու պատուիրակութեան անդամ է, յայտնեց, որ թալեպանները կրնային ձերբակալել իրենց հակառակորդները եւ զանոնք դատել, եւ ատիկա արդար պիտի ըլլար, սակայն նախընտրած են ներել անոնց, իսկ ներելը արժանիք է, իսկ արժանիքը արդարութենէն բարձր է:

Ան յայտնեց, որ Թալեպան շարժումը նախանձախնդրութիւն յայտնած է աֆղան կիներու կրթութեան եւ աշխատելու իրաւունքին նկատմամբ, սակայն անոնք պէտք է իսլամական օրէնքին համահունչ ըլլան` աւելցնելով, որ Թալեպան շարժումի իշխանութեան գալը աֆղան կիներուն համար աշխարհի վերջը չի նշանակեր:

«Պատերազմը վերջացաւ եւ խաղաղութեան փուլը սկսաւ: Վարչակարգը իսլամական պիտի ըլլայ` աֆղան ժողովուրդի փափաքներուն, յոյսերուն եւ ձգտումներուն ընդառաջող», նշեց Նայիմ:

Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբերը յայտնեց, որ շարժումը անցեալի փորձառութենէն սորված է եւ անցնող քսան տարուան ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ բաւարար փորձառութիւն ձեռք ձգած է:

Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Թալեպան շարժումի ղեկավարները Աֆղանիստանը կառավարելու համար 12 անձերէ կազմուած խորհուրդ մը պիտի կազմեն:

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Աֆղաններուն Ապաստան Պիտի Չտրամադրէ»

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Թալեպան Շարժումին Չենք Վստահիր Եւ Անոր Հետ Պաշտօնական Յարաբերութիւններ Չունինք»

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.