Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոք Ցաւ Կը Յայտնէ Իրեն Հետ Յարաբերութիւնները Խզելու Ալճերիոյ Որոշումին Համար

Օգոստոս 26, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոք ցաւ յայտնեց իրեն հետ յարաբերութիւնները խզելու Ալճերիոյ որոշումին համար: Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց, որ Մարոքի թագաւորութիւնը տեղեակ եղած է ալճերիական իշխանութիւններու` Մարոքի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու «միակողմանի որոշումին մասին»:

Նախարարութիւնը աւելցուց. «Մարոք կը ցաւի այս ամբողջովին անարդարանալի որոշումին համար, որ սակայն նախատեսելի էր վերջին շաբաթներուն նշմարուած մագլցումի դիմելու մտածելակերպին լոյսին տակ»:

Մարոքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «կտրուկ կերպով կը մերժէ ոչ միայն կեղծ, այլ նաեւ անհեթեթ դրդապատճառները, որոնց վրայ հիմնուած է այս որոշումը»: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ Մարոք «պիտի շարունակէ ալճերիացի ժողովուրդին հաւաստի ու հաւատարիմ գործընկերը մնալ եւ ամենայն իմաստութեամբ ու պատասխանատուութեամբ պիտի շարունակէ աշխատիլ մաղրեպեան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար»:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռաթման Լամամրա երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Ալճերիան կը խզէ Մարոքի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերջինիս «թշնամական գործողութիւններուն»` Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտի Մարոքէն Ալճերիոյ դէմ կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով` աւելցնելով. «1948 թուականէն ի վեր չէ պատահած, որ իսրայէլացի նախարար մը արաբական երկրէ մը այլ արաբական երկիրի մը հասցէին թշնամական յայտարարութիւններ կատարէ»:

«Այլեւս յստակ է, որ Մարոք հրաժարած է այն սկզբունքներէն, որոնք կը նպաստեն Ալճերիոյ եւ Մարոքի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման», ըսաւ Լամամրա` նշելով, որ Մարոքէն հրապարակաւ «վտանգաւոր այդ սադրանքներուն մասին բացատրութիւններ պահանջեցի, սակայն քար լռութեան հանդիպեցայ»:

Արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Մարոք «Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ արաբական միակ երկիրն է, որ զօրակցեցաւ Իսրայէլին (Ափրիկեան) միութեան մէջ դէտի կարգավիճակ պարգեւելուն»` աւելցնելով. «Ալճերիան համբերատար էր մարոքեան սադրանքներուն նկատմամբ եւ փաստեց, որ կարող է տոկալ»:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ մարոքեան տեղեկատուութիւնը «Ալճերիոյ դէմ ստոր պատերազմ կը մղէ: Ամէնէն վտանգաւորը մարոքցի պաշտօնատարներէն մէկուն (Ալճերիոյ) ցեղախմբային շրջանի ինքնորոշման իրաւունքին մասին խօսիլն էր»:

Նշենք, որ վերջին տարիներուն հիւսիսափրիկեան երկու արաբական երկիրներու յարաբերութիւնները սառեցուած վիճակի մէջ եղած են: Վերջին 7 տարիներուն Ալճերիոյ եւ Մարոքի միջեւ երկկողմանի պաշտօնական որեւէ հանդիպում տեղի չէ ունեցած:

Արաբական խորհրդարանը Մարոքին ու Ալճերիոյ կոչ ուղղեց` երկու երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւնները գերիվեր նկատելու` աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները Ալճերիան եւ Մարոքը կը պարտաւորեցնեն դիմել ինքնազսպումի ու մագլցումէ խուսափելու:

 

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են Աֆղանիստանի Կացութիւնը

Յաջորդը

Թալեպանները Չեն Ուզեր Աֆղանիստանի Մէջ Թուրք Զինուոր Տեսնել

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?