Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Երկու Թուրք Պաշտօնատարներու. Թալեպան Շարժումը Քապուլի Օդակայանին Կառավարման Համար Թուրքիայէն Թեքնիք Օժանդակութիւն Խնդրած Է

Օգոստոս 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը չորեքշաբթի օր սկսած է իր ուժերը հեռացնել Աֆղանիստանէն:

Երկու թուրք պաշտօնատարներ իրենց կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Թալեպան շարժումը օտար ուժերու հեռանալէն ետք Քապուլի օդակայանին կառավարման համար Թուրքիայէն թեքնիք օժանդակութիւն խնդրած է, սակայն ատոր զուգահեռ թրքական ուժերուն մինչեւ 31 օգոստոս ճշդուած պայմանաժամով ամբողջական հեռացման վրայ կը պնդէ:

Թուրք պաշտօնատարներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թալեպան շարժումի պայմանաւորեալ խնդրանքը «Անգարան կը դնէ վտանգներ ընդգրկող առաքելութիւն մը ընդունելու հարցով դժուար որոշումի մը դէմ յանդիման»:

Թուրքիան մաս կը կազմէ Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի առաքելութեան եւ տակաւին Քապուլի օդակայանին մէջ հարիւրաւոր զինուորներ ունի:

Թուրք պաշտօնատարները կը յայտնեն, որ իրենք պատրաստ են իրենց ուժերը կարճ ժամանակի մէջ հեռացնելու, սակայն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը ամիսներէ ի վեր կը յայտնէ, թէ կրնայ իր ուժերը օդակայանին մէջ պահել, եթէ իրմէ ատիկա խնդրուի, ինչպէս նաեւ կրնայ օդակայանին կառավարման համար թեքնիք եւ ապահովական օժանդակութիւն տրամադրել:

Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ «թալեպանները Քապուլի օդակայանին կառավարման համար թեքնիք օժանդակութեան դիմում ներկայացուցին», սակայն աւելցուց, որ Թալեպան շարժումին թուրք բոլոր զինուորներու հեռացումը պահանջելը որեւէ հաւանական առաքելութիւն պիտի բարդացնէ:

«Աշխատանքի անվտանգութիւնը առանց թրքական զինեալ ուժերուն երաշխաւորելը վտանգներով լեցուն գործ է», աւելցուց ան:

Բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշեց, որ Թալեպան շարժումին հետ այս հարցին շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:

Մինչ այդ, թրքական ուժերու հեռացման պատրաստութիւնները ամբողջացած են, սակայն յստակ չէ տակաւին, եթէ Թուրքիան պիտի համաձայնի թեքնիք օժանդակութիւն տրամադրել եւ անվտանգութեան ապահովման համար իր ուժերը այդտեղ չպահել:

Թուրք այլ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի 31 օգոստոսին, երբ օտար ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնելու Թալեպան շարժումին ճշդած պայմանաժամը աւարտի:

Նախորդը

Շուրջ 1500 Ամերիկացիներ Հաւաքուած Են Քապուլի Օդակայանին Մօտ` Սպասելով Դէպի Միացեալ Նահանգներ Վերադարձին

Յաջորդը

«Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Առաջնահերթութիւնս Դրացի Երկիրներն Ու Ասիան Պիտի Ըլլան» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?