Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ու իր ամերիկացի պաշտօնակիցը` Էնթընի Պլինքընը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Աֆղանիստանի վերջին զարգացումները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս այս մասին յայտնեց. «Զրոյցին ընթացքին արծարծուեցաւ Աֆղանիստանի մէջ մեր շարունակուող գործակցութիւնը եւ ջանքերը, զորս կը թափուին մեր քաղաքացիներուն, մեր դաշնակիցներուն ու գործընկերներու քաղաքացիներուն Աֆղանիստանէն անվտանգ հեռացումը ապահովելու համար»:
«Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի մէջ կարեւոր դաշնակից մըն է եւ տարածաշրջանին մէջ շատ կարեւոր գործընկեր մը», շեշտեց Փրայս:
Յիշեցնենք, որ Թալեպան արմատական շարժումը վերջին շաբաթներուն յաջողեցաւ Աֆղանիստանը գրեթէ ամբողջութեամբ առնել իր վերահսկողութեան տակ: Երկրի նախագահ Աշրաֆ Ղանին հրաժարեցաւ ու` երկրէն հեռանալով, ապաստանեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: