Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Յայտարարած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Պատրաստակամութեան Մասին

Օգոստոս 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան, ըսած է, որ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու աստիճանական կարգաւորման:

Էրտողան ըսած է, որ շրջանին կառուցողական մօտեցում պէտք է: «Եթէ նոյնիսկ կան տարակարծութիւններ, դրացիներու հետ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերիշխանութիւնը յարգելու հիման վրայ: Մենք կրնանք աստիճանաբար կարգաւորել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, որուն նոր կառավարութիւնը յայտարարած է այդ ուղղութեամբ շարժելու պատրաստակամութեան մասին», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահին համաձայն, տնտեսական զարգացման հարցերով զբաղիլը եւ համագործակցութեան համար պայմաններ ստեղծելը կարելի են միայն կայուն խաղաղութեան ապահովումէն ետք:

Էրտողան դարձեալ անդրադարձած է այսպէս կոչուած «Վեցի հարթակ»-ին, որուն կրնան մաս կազմել Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ռուսիան, Իրանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը: Անոր համաձայն, եթէ այդպիսի հարթակի կազմակերպումը կարելի դառնայ, շրջանին մէջ շատ աւելի հանգիստ վիճակ պիտի ըլլայ:

Ան աւելցուցած է, որ շրջանին մէջ անհրաժեշտ է կառուցել երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներ, «որոնք երկիրները իրարու պիտի կապեն, եւ այդպիսով շատ խնդիրներ պիտի յաղթահարուին»:

Նախորդը

Սպիտակ Տունը Կը Մերժէ Քապուլի Յարձակումին Պատճառով Պայտընի Հրաժարականը Պահանջող Կոչերը

Յաջորդը

Փոկպա Կ՛ուզէ Տեղափոխուիլ Ռէալ Մատրիտ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?