Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Խորհրդաժողովին Մասնակիցները Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Շրջանի Կայունութեան Համար Ջանքերու Միատեղումը

August 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Պաղտատի մէջ աւարտեցաւ «Գործակցութեան եւ գործընկերութեան համար» վեհաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ անհրաժեշտ է շրջանային ու միջազգային ջանքերը միատեղել այնպիսի ձեւով մը, որ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ շրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան վրայ:

«Շրջանը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն զանոնք դիմակայել բարի դրացնութեան եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն համաձայն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Վեհաժողովին մասնակիցները հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Իրաքի վերաշինութեան, ծառայութիւններու ամրապնդման եւ սեփական մարզի դերակատարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերուն» եւ վերահաստատեցին «բոլոր տեսակի ու ձեւի ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական գաղափարաբանութեան իրենց մերժումը»:

Վեհաժողովին մասնակիցները ողջունեցին իրաքեան դիւանագիտութեան շրջանային ու միջազգային շրջապատին հետ հասարակաց ենթահողի ստեղծման ուղղութեամբ աշխուժ ջանքերը` նշելով. «Պաղտատի կողմէ այս խորհրդաժողովը հիւրընկալելը յստակ ապացոյց է Իրաքի` արտաքին իր յարաբերութիւններուն մէջ հաւասարակշռուած ու գործակցութեան դրական քաղաքականութեան որդեգրման»: Անոնք գնահատեցին ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ Իրաքի ջանքերն ու մեծ զոհողութիւնները:

Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պաղտատի խորհրդաժողովը կը գումարուի «նուրբ եւ պատմական պահու» մէջ, եւ անիկա «Իրաքի երկխօսութիւնը գերիվեր նկատելու վերաբերեալ տեսլականի» մարմնաւորումն է:

Ան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, որ Իրաքի պատմական դերակատարութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան սիւներէն մէկը ըլլալն է` ընդգծելով. «Իրաքի համար դրացիներու եւ բարեկամներու հետ լարուած յարաբերութիւններու եւ անհեթեթ պատերազի ետդարձ չկայ»:

Նշենք, որ «Պաղտատի խորհրդաժողով»¬ին կը մասնակցէին 9 երկիրներ, որոնց կողքին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը «իր զինուորները Իրաքի մէջ պիտի պահէ, այնքան ատեն որ Պաղտատ ատիկա կը պահանջէ` անկախ Ուաշինկթընի կարծիքէն»: «Մենք այստեղ ենք Իրաքի անվտանգութեան եւ կայունութեան աջակցելու համար», ըսաւ ան:

Նախորդը

2017-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով. Եգիպտոսի Նախագահը Հանդիպում Կ՛ունենայ Քաթարի Իշխանին Հետ

Յաջորդը

Սպիտակ Տունը Կը Մերժէ Քապուլի Յարձակումին Պատճառով Պայտընի Հրաժարականը Պահանջող Կոչերը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.