Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան Աֆղանիստանէն իր զինեալ ուժերը տուն կը դարձնէ: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան ընդգծած է, որ Աֆղանիստանի մէջ գործընթացներու ապագան պիտի որոշուի ոչ թէ խօսքերով, այլ թալեպաններու գործողութիւններով:
«Աֆղանիստանի մէջ կայունութեան ապահովումը յատուկ նշանակութիւն ունի: Այս նպատակին հասնելու համար Անգարան պիտի շարունակէ սերտ երկխօսութիւնը Աֆղանիստանի բոլոր կողմերուն հետ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան աւելցուցած է, որ Թուրքիան, իբրեւ երկիր, որ իր դռները բացած է աւելի քան 5 միլիոն տեղահանուածներու եւ գաղթականներու առջեւ, ի վիճակի չէ յաղթահարել Սուրիայէն կամ ԱՖղանիստանէն գաղթականներու լրացուցիչ բեռը: