Սուրիական բանակի ուժերն ու առնչակից կողմերը մուտք գործեցին Տարաա քաղաք եւ այդտեղ բարձրացուցած սուրիական դրօշը: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սկսած է կարգ մը անցարգելներ հաստատել եւ շրջանը խուզարկել Սուրիոյ պետութեան առաջարկած լուծումի համաձայնութեան ծիրին մէջ շրջանը ահաբեկիչներէ զուրկ յայտարարելու համար:
Նշենք, որ 4 սեպտեմբերին Տարաա քաղաքին մէջ լուծումի համաձայնութեան գործադրումը առկախուեցաւ, որովհետեւ զինեալները մերժեցին յանձնել իրենց զէնքերը: