Չինաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Եան Հեքեր, որ մինչեւ վերջերս կը վարէր Գերմանիոյ վարչապետի արտաքին քաղաքականութեան գծով խորհրդականի պաշտօնը, դիւանագիտական ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելէն ընդամէնը օրեր ետք մահացած է: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին 6 սեպտեմբերին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Խոր տխրութեամբ եւ ցնցումով տեղեկացանք Չինաստանի ժողովրդային հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան դեսպանի անսպասելի մահուան մասին», շեշտած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Չինաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանին մահուան հանգամանքները տակաւին ամբողջովին յստակ չեն: