Խրիմի պատկանելիութեան հարցը չի կրնար ըլլալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու հանդիպման նիւթը, հետեւաբար, Վլատիմիր Փութինի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի վեհաժողովը նախապատրաստելու առումով «սայլը հիմա ալ տակաւին նոյն տեղն է»: Այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանի «Մոսկուա. Քրեմլին. Փութին» հաղորդման հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով լրագրող Փաւել Զարուպինի հարցումներուն` ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Փաստը այն է, որ մեզի համար Խրիմի նիւթ գոյութիւն չունի: Եւ, ինչպէս մեզի կ՛ըսեն Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակին մէջ, Զելենսքին կ՛ուզէ քննարկել Խրիմը: Խրիմը` նայած որ տեսանկիւնէն: Վստահաբար, ոչ այն տեսանկիւնէն, որ ատիկա Ռուսիոյ մարզ է», ըսած է Փեսքով:
Քրեմլինի բանբերը ընդգծած է, որ այս տեսքով անիկա չի կրնար ըլլալ բանակցութիւններու օրակարգի հարց: «Հետեւաբար, առայժմ այս առումով կարելի չէ որեւէ տեղ առաջ շարժիլ: Ինչպէս կ՛ըսեն` «սայլը հիմա ալ տակաւին նոյն տեղն է», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:


