Շարք մը լրատուամիջոցներ, ըստ Սուրիոյ զինուորական շրջանակներու աղբիւրներու, կը յայտնեն, որ թրքական բանակը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարաւային հատուածէն կը նահանջէ դէպի հիւսիս: Ատիկա սկսած է Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով «Ավիա.փրօ» աղբիւրին:
Իտլիպի մէկ մասէն արդէն դուրս եկած են թրքական հրասայլերը եւ այլ զրահապատ մեքենաները: Զօրամասերու տեղաշարժը տեղի կ՛ունենայ «ԷՄ4» մայրուղիի ճամբով: Միեւնոյն ժամանակ, թրքական բանակը կը պահպանէ այդ մայրուղիին վրայ իր վերահսկողութիւնը:
Յիշեցնենք, որ 29 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ: Կողմերը քննարկած էին համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը: Երկու ղեկավարները բարձր գնահատած են իրենց երկիրներուն միջեւ տնտեսական, քաղաքական եւ զինուորական համագործակցութիւնը: