Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն-Լը Տրիան Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 5 Հոկտեմբերին

Հոկտեմբեր 4, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան 5 հոկտեմբերին պիտի հանդիպի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնած էր, որ Պլինքըն Փարիզ պիտի գտնուի 4-6 հոկտեմբերին եւ հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանսայի ղեկավարութեան հետ:

Ֆրանսան նախապէս խորհրդակցութիւններու համար անյապաղ տուն կանչած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Աւստրալիոյ մէջ իր դեսպանները: Պատճառը Աւստրալիոյ, Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ 15 սեպտեմբերին կատարուած յայտարարութիւնն է անվտանգութեան ոլորտին մէջ նոր գործընկերութեան` ԱՈՒՔՈՒՍ-ի ստեղծման մասին:

Համաձայնագիրի ծիրին մէջ Աւստրալիան մտադիր է ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու օգնութեամբ կառուցել առնուազն 8 սուզանաւեր, որոնցմէ առաջինները արդէն պիտի սկսին գործել 2036 թուականին, ինչպէս նաեւ սեփական զինեալ ուժերը հարստացնել ամերիկեան թեւաւոր հրթիռներով: Այս նպատակով Աւստրալիան խզած է իր պատմութեան ընթացքին մեծագոյն պաշտպանական համաձայնագիրը, որ կնքուած էր Ֆրանսայի հետ: Ֆրանսական կողմը այդ քայլերը կոչած էր «թիկունքէն հարուած»:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Նախիջեւան

Յաջորդը

Խամենէի. «Երկրի Հիւսիս-Արեւմուտքին Մէջ Կացութիւնը Պէտք Է Կարգաւորուի Առանց Օտարերկրեայ Միջամտութեան»

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?