Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման կարեւորագոյն արդիւնքը դէպի շրջան համանախագահներու այցելութեան վերաբերեալ համաձայնութիւնն է: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ վարչութեան պետի տեղակալ Ալեքսէյ Զայցեւը:
«24-25 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւններու կարեւոր արդիւնքը տագնապի երկու կողմերուն համաձայնութիւնն է համանախագահներու եռեակի շրջան մեկնելուն, որպէսզի շարունակուին առաջնահերթ խնդիրները լուծելու ուղիներու որոնումները», ըսած է Զայցեւ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները պիտի յայտարարեն նման ուղեւորութեան ժամկէտի եւ տարբերակի մասին, երբ ատիկա անհրաժեշտ նկատեն:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան կը շարունակէ գերիներու փոխանակման հոլովոյթը` ականապատ տարածքներու քարտէսները Ազրպէյճանին յանձնելու դիմաց: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի յայտարարութիւնները կը գործեն իբրեւ ապագային նման ողբերգական իրադարձութիւններու կանխարգիլման յուսալի երաշխիք», ըսած է Զայցեւ:
Շրջանը կայունացնելու իր ջանքերուն մէջ Ռուսիան կը յենի այս եռակողմ յայտարարութիւններէն բխող խնդիրներու կատարման վրայ` յառաջ շարժելով բոլոր ուղղութիւններով:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ` ականապատ դաշտերու քարտէսներու ներկայացման դիմաց: Եւ մենք համոզուած ենք, որ այս բոլորին շուտափոյթ վերջնական լուծումը պիտի նպաստէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններու բարելաւման», ըսած է Զայցեւ: