Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մէկ տարիով երկարաձգած է Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները, որոնք 2019-ին կիրարկուած էին Թուրքիոյ դէմ, յայտնած է Սպիտակ տունը:
2019-ին պատժամիջոցներ սահմանելու պատճառը թրքական բանակին կողմէ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններն էին:
Պատժամիջոցները կը կիրարկուին Թուրքիոյ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի նախարարութիւններու, պաշտպանութեան նախարար եւ Թուրքիոյ բանակի նախկին ընդհանուր հրամանատար Հուլուսի Աքարի, ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզի եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սուլէյման Սոյլուի նկատմամբ:



