Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թող Ալիեւ Դադրեցնէ Լարուածութիւն Ստեղծելը, Այլապէս Հրթիռներու Ձայնէն Պիտի Արթննայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխան Մը

October 11, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարի տեղակալ, փոխծովակալ Ալի Ֆատաւի, պատասխանելով լրագրողի` Իրանի հետ սահմանին վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի կողքին Իլհամ Ալիեւի լուսանկարին վերաբերեալ հարցումին ըսած է. «Արտասահմանեան արտադրանքով լուսանկարները հպարտութեան առիթ չեն: Իսկ եմենցիներու ստեղծած հեռահար անօդաչու թռչող սարքերը հպարտութեան առիթ են»: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՍՆԱ¬ն:

Անդրադառնալով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդագրութիւններուն, որ իրանեան զինեալ ուժերը պիտի չկարենան դիմակայել Ազրպէյճանը, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը անոր կ՛աջակցին, Ֆատաւի նշած է. «Տեսէք, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է այժմ սիոնական վարչակարգը, որուն 70 տարիէ ի վեր կ՛աջակցի սատանայի ճակատը»:

Ֆատաւի նշած է, որ Իրան այնքան սերտօրէն կապուած է իր դրացիներուն եւ իսլամական երկիրներուն հետ, որ «սատանայի չարիքը չի կրնար վնասել այս կապը»: «Մենք պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնենք սիոնականներու եւ անոնց լրատուամիջոցներու խօսքերուն», աւելցուցած է ան:

ԻՍՆԱ նաեւ կը հաղորդէ, որ Թեհրանէն Իրանի խորհրդարանի անդամ Մոհսեն Տեհնաւի խստօրէն դատապարտած է Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Պաքուի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ Ալի Աքպար ՕՃագնեժատի գրասենեակը փակելու որոշումին համար: Ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»¬ի վրայ:

«Պաքուի իշխանութիւնները բարձրացուցին ամբարտաւանութեան նշաձողը` փակելով Գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչի ուրբաթօրեայ աղօթասրահը:

«Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը գրկելու փոխարէն Ալիեւ թող դադրեցնէ լարուածութիւն ստեղծելը, այլապէս ճշգրիտ խոցող հրթիռներու ձայնէն պիտի արթննայ: Մեր դեսպանը եւս պէտք է աւելի վճռական կերպով կատարէ իր պարտականութիւնները», գրած է իրանցի երեսփոխանը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Պաշտօնական Այցելութիւն Պիտի Կատարէ Վատիկան

Յաջորդը

Թուրքիան Եւ Իրանը Քննարկած Են Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.