Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ ներկայիս Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները անօգուտ են` Քիեւի շարունակ փոփոխութեան ենթարկուող կեցուածքներուն պատճառով:
«Ուքրանիոյ կ՛իշխեն տկար անձեր, որոնք մեծ ջանք կը թափեն միայն իրենց գրպանները լեցնելու եւ իրենց դրամները արտասահմանի մէջ կը թաքցնեն: Մենք անոնցմէ շատերը շատ լաւ կը ճանչնանք», ըսաւ ան:
Մետվետեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ կարիքը չունի եւ զայն իբրեւ Ռուսիոյ դիմակայման բեմ կ՛օգտագործէ: