Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալճերիական Իշխանութիւնները ԱՖՓ-էն Կը Պահանջեն Դադրեցնել Իր «Թշնամական Արշաւ»-ը Եւ Կը Սպառնան Զայն Արգիլել

Հոկտեմբեր 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալճերիական իշխանութիւնները սպառնացին ԱՖՓ-ին արգիլել ալճերիական հողերուն վրայ գործելէ` Ալճերիոյ դէմ անոր «զզուելի թշնամական արշաւ»-ին պատճառով:

Նշենք, որ Ալճերիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութեան պատճառով: «Լը Մոնտ» օրաթերթը մէջբերած էր Մաքրոնի յայտարարութիւնը, թէ Ալճերիան 1962-ին իր անկախութենէն ետք հիմնուեցաւ յիշողութեան աղաւաղման վրայ, որ ամրագրուեցաւ «քաղաքական-զինուորական վարչակարգ»-ին կողմէ:

Ան կասկածի տակ առած էր ֆրանսական գաղութատիրութենէն առաջ ալճերիացի ժողովուրդին գոյութիւնը: Ալճերիա, հակադարձելով Մաքրոնի յայտարարութեան, իր դեսպանը Փարիզէն անմիջապէս տուն կանչած էր:

Ըստ օրաթերթին, Մաքրոն ըսած է. «Պաշտօնական պատմութիւն մը ամբողջովին վերախմբագրուեցաւ, եւ անիկա հիմնուած չէ իրողութիւններու վրայ», այլ` «Ֆրանսայի նկատմամբ ատելութեան խօսքի վրայ»:

Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը իրերայաջորդ կերպով փաստած է Ալճերիոյ դէմ իր թշնամական կեցուածքը` «հաւաստիութեան եւ առարկայականութեան նուազագոյն տարրերէն, ինչպէս նաեւ ասպարէզի բարոյագիտութենէն ինքզինք զերծ կացուցելով»:

ԱՖՓ-ն երեքշաբթի օր հրապարակած է Ալճերիայէն Սպանիա աւանդական նաւերով ոչ օրինական գաղթի վերաբերեալ զեկուցում մը, որուն խորագիրն էր. «Գաղթականները կը նախընտրեն Ալճերիայէն Սպանիա ուղեւորութեան ընթացքին խեղդամահ ըլլալ, քան իրենց երկրին մէջ մնալ»:

Ըստ Ալճերիոյ, ԱՖՓ-ն վերածուած է Ալճերիոյ նկատմամբ ատելութիւն ունեցող ծանօթ լոպիներու եւ պետական շրջանակներու խօսափողին:

Նախորդը

Պաքուի Զինուորական Դատարանը Ազրպէյճանի Ազգային Հերոսը Դատապարտած Է 10 Տարուան Բանտարկութեան

Յաջորդը

Թրքուհին Գերմանիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահ Ընտրուած Է

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը`  «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական  Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար»  Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական  Գերագոյն Յանձնախումբը
Գլխաւոր լուրեր

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

Սեպտեմբեր 18, 2025
Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ  Հանդիպո՞ւմ
Միջազգային

Պաքուի Մէջ Նեթանիահու-Շարհ Հանդիպո՞ւմ

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?