Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երկարաձգած Է Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Լիբանանի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Լիազօրութիւնը

October 28, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ զինեալ ուժերու «անդրսահմանային հակաահաբեկչական գործողութիւններ» կատարելու համար լիազօրութիւնը երկու տարիով երկարաձգելու կառավարութեան դիմումին:

Իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը, Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը եւ Լաւ կուսակցութիւնը առաջարկին թեր քուէարկած են, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` դէմ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ խորհրդարան ուղարկուած օրինագիծը թուրք զինուորներուն կ՛արտօնէ յաւելեալ երկու տարիով` մինչեւ 30 հոկտեմբեր 2023 թուական բռնագրաւման գործողութիւններ կատարել դրացի Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ դրացի ցամաքային սահմաններու երկայնքին շարունակուող տագնապներէն բխող վտանգներն ու սպառնալիքները կը շարունակեն աճիլ:

«Թուրքիան մեծ նշանակութիւն կու տայ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան, ազգային միասնութեան եւ կայունութեան պաշտպանութեան: Սակայն ՔԱԿ եւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու Իրաքի մէջ ներկայութիւնը ուղղակի սպառնալիք է մեր երկրի շրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան համար», կը նշուի օրէնքի նախագիծին մէջ:

Օրինագիծը կը մատնանշէ նաեւ Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ ահաբեկչական կազմակերպութեան գործունէութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ տիրող իրավիճակին, նշուած է, որ Ասթանայի հոլովոյթին հիմամբ հաստատուած խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տակաւին փլուզման սպառնալիքի տակ են:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ խորհրդարանը երէկուան իր նիստի ընթացքին երկարաձգած է Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան թուրք զինուորներուն մասնակցութեան լիազօրութիւնը:

 

Նախորդը

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներուն. Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Իսրայէլեան Օդանաւ Մը Էջք Կատարած Է Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Բռնագրաւուած Կովսականի Մէջ Հանդիպում Ունեցած Են

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.