Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Իր Զինուորական Պաշտպանութեան Ամրապնդման Համար Ուաշինկթընի Օգնութիւնը Կը Խնդրէ

October 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Ռիատ նախ եւ առաջ ամերիկեան զէնքեր կ՛ուզէ հուսիներու անօդաչու թռչող սարքերով եւ թեւաւոր հրթիռներով յարձակումներէն ետք թագաւորութեան պաշտպանութեան համակարգերը ամրապնդելու համար:

Ամերիկեան կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, որ խնդրած է անանուն մնալ, յայտնած է. «Հրապարակաւ ու գաղտնաբար, նաւահանգիստի եւ օդակայանի հարցին նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերենք… ատիկա Սէուտական Արաբիոյ ընելիք ճիշդ բանն է»:

Պաշտօնատարը ըսած է, որ Սէուտական Արաբիան պաշտպանելը ամերիկեան կենսական յանձնառութիւն մըն է եւ «մասնաւորաբար բան մը, որ սէուտցիները կը փնտռեն»` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան թագաւորութիւնը պաշտպանելու յանձնառութիւնը յարգելու լաւագոյն կարելիութիւններուն շուրջ, «սակայն ոչ եմէնեան տագնապին համար յարձակողական զէնքերու ապահովումը»:

Միւս կողմէ, Ամերիկեան աղբիւր մը եւ սէուտական աղբիւր մը այս ամիս Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու ՃԷյք Սոլիվընի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ հանդիպումը նկատեցին «շատ դժուար»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Սէուտական Արաբիան եմէնեան նաւահանգիստներուն շրջափակումը վերցնել համոզելու Ուաշինկթընի բանեցուցած ճնշումներուն ծիրին մէջ:

Եմէնեան Անսարուլլա շարժումի ղեկավարները այդ շրջափակումը բանակցութիւններու սկսման եւ զինադադարի հաստատման առջեւ ծառացած արգելք կը նկատեն:

 

Նախորդը

Թրքուհին Գերմանիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահ Ընտրուած Է

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Հիւլէական Համաձայնութեան Վերադարձով Շատ Խանդավառ Չենք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.