Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Միացեալ Նահանգները Չեն Կատարեր Սուրիոյ Հարցին Մէջ Իրենց Պարտաւորութիւնները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

October 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը չեն կատարեր զինեալները թրքական սահմաններէն հեռու տանելու իրենց պարտաւորութիւնները:

Պատասխանելով Սուրիոյ մէջ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ հաւանական գործողութեան եւ Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու հետ հաղորդակցութիւններու մասին հարցումին` թուրք նախարարը նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը այս հարցին վերաբերեալ անհրաժեշտ յայտարարութիւններ կատարած է:

Չաւուշօղլու ըսած է, որ Անգարան Միացեալ Նահանգներու հետ առաջարկած է Սուրիոյ հարցին մէջ համախոհ երկիրներու կամ միջազգային աջակցութեան խումբի հանդիպում կատարել, այդ ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Անոր համաձայն, այս ձեւաչափերով բանակցութիւնները պարբերաբար կ՛ընթանան:

«Ժամանակին եղած է Ասթանայի ձեւաչափը: Հիմա նոր հանդիպումի կարիք կայ: Այս ուղերձը մենք յղած ենք թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Իրանին, այնպէս որ` դուք վկայ էք, ըսէք Ասատի վարչակարգին այս մասին` տագնապը զինուորական լուծում չունի», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ան ընդգծած է, որ Դամասկոսի մէջ ահաբեկչութիւնները, Իտլիպի մէջ «վարչակարգի ուժերու» յարձակումները  բացասաբար կ՛ազդեն նոր սահմանադրութեան շուրջ բանակցութիւններուն վրայ:

«Այս հոլովոյթը միակ լուծումն է: Այսինքն` վարչակարգն ու ընդդիմութիւնը պէտք է նստին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ հասարակաց որոշումի գան», ըսած է ան:

Չաւուշօղլուի համաձայն, «սուրիական վարչակարգը» կ՛ընտրէ տագնապին զինուորական լուծումը, սակայն անհրաժեշտ է հրաժարիլ այս սխալ որոշումէն, կարեւոր է աջակցիլ քաղաքական հոլովոյթէն:

Ան յիշեցուցած է, որ Թուրքիան կ՛աջակցի Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան:

«ՔԱԿ-ը սպառնալիք է բոլորիս համար. ո՛չ միայն` մեզի, այլ նաեւ` անոնց համար: Աւելցած են ՔԱԿ-Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ ահաբեկչական յարձակումները. Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները չեն կատարեր զինեալները (թրքական սահմանէն) հեռու տանելու իրենց պարտաւորութիւնները: Ուստի Անգարան առանձին պիտի լուծէ հարցը: Այս մասին, խօսած է նաեւ պետութեան ղեկավարը», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննարկած է այդ հարցը իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ եւ մտադիր է զայն քննարկել Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպումի ժամանակ:

 

 

 

Նախորդը

Իրանի Հիւսիս-Արեւմուտքը Ահաբեկչական Խմբաւորում Մը Ոչնչացուած Է

Յաջորդը

Հակառակ Թրքական Հրետանիին Կողմէ Բուռն Ռմբակոծման. «Ազգային Բանակ»-ը Չէ Յաջողած Այն Տաքնայի Ուղղութեամբ Յառաջանալ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.