Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսելով Իրանի Արտաքին Դիւանագիտութեան Մանրամասնութիւններուն Մասին` «Չկայ Արեւելք, Չկայ Արեւմուտք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Նոյեմբեր 2, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան ընդգծած է, որ Իրանի դիւանագիտական կառոյցը երկրի եւ Իրանի ժողովուրդի ճակատագիրը պիտի չկապէ 2015 թուականի հիւլէական համաձայնագիրի կամ որեւէ օտար պետութեան հետ, որովհետեւ փոխադարձ գործակցութեան չափանիշ կը նկատուին հասարակաց շահերը: Այս մասին կը գրէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը յայտարարած է, որ Թեհրան ստեղծած է վեհ մեքանիզմ` հետամուտ ըլլալու շրջանային համագործակցութեան կարգախօսի իրականացման` աւելցնելով, որ Իրանը պիտի կանգնի Միացեալ Նահանգներու իրանատեաց քարոզչական արշաւին դէմ:

Ան ըսած է, որ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի վարչակազմը նախանշած է արտաքին քաղաքականութեան որոշ հիմնաբեռներ, ներառեալ` հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւն, ինչպէս նաեւ գործօն, խելացի եւ աշխուժ դիւանագիտութիւն:

«Իրանը կարեւոր կը նկատէ դրացի պետութիւններու եւ Ասիոյ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Թեհրան աշխուժ դիւանագիտութիւն պիտի վարէ Եւրոպայի հարցին մէջ` ընդգծելով, որ Լատին Ամերիկան եւ Ափրիկէն պիտի չմոռցուին:

Ինչ կը վերաբերի հաւասարակշռութեան, ապա ան նշած է, որ Թեհրանի 13-րդ վարչակազմը կը ձգտի հաւասարակշռութիւն պահպանել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ` ընդգծելով, որ Իրանը իր արտաքին քաղաքական բոլոր հարցերը պիտի չկապէ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ հետ, մինչդեռ առաջնահերթութիւն պիտի տայ Ասիա ուղղուած արտաքին քաղաքականութեան:

«Իրանը անկախութիւնը պահպանելու հարցին մէջ հաւատարիմ է իր «Չկայ Արեւելք, չկայ` Արեւմուտք» կարգախօսին, երբ խօսքը կը վերաբերի արտաքին ուժերու հետ գործ ունենալուն», նշած է Ապտոլլահեան:

Նախորդը

«Ես Գիտեմ, Որ Աւստրալիոյ Վարչապետը Սուզանաւերու Հարցին Մէջ Ստեց» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

«Իրանի Թշնամական Արարքներուն, Ներառեալ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակումները, Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Պայտըն

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?