Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրան Համացանցային Յարձակումներ Գործած Է Իսրայէլի Դէմ Ձեռք Ձգած Իսրայէլեան Բանակի Բոլոր Զինուորներուն Տուեալները

October 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թեհրան Իսրայէլի դէմ համացանցային յաջող յարձակումներ գործած է: Սակայն նպատակը, ըստ իսրայէլեան օրաթերթին, ուշադրութիւն շեղելն է ինքնին Իրանի մէջ համացանցային անվտանգութեան առնչուած խնդիրներէն:

Վերջերս Իսրայէլի համացանցային յարձակումը խափանած էր Իրանի մէջ վառելանիւթի կայարաններու աշխատանքը:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ վեց ամիս առաջ զանգուածային համացանցային յարձակում կատարուած է Միացեալ Նահանգներու վառելանիւթային ցանցին վրայ: Իսկ այժմ տեղեկութիւններ կան, թէ «Մոզըս Սթաֆ» կոչուող համացանցահէններու խումբին, որ, ենթադրաբար, կազմուած է Իրանի քաղաքացիներէն, հասանելի դարձած են անձնական տուեալները իսրայէլացի զինուորներու, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանցի լուսանկարները:

Համացանցահէնները նշած են, որ իրենք պաշտպանութեան նախարարութենէն, Իսրայէլի նամակատունէն, զինուորական արդիւնաբերութիւններուն հետ առնչուած ընկերութիւններէ եւ այլ հասցէներէ ստացած են «թերապայթ»-երու հասնող գաղտնի տուեալներ:

«Մենք երկար տարիներէ ի վեր կը հետեւինք ձեզի: Ձեր բոլոր որոշումներն ու յայտարարութիւնները կը գտնուին մեր հսկողութեան տակ: Ի վերջոյ, մենք պիտի հարուածենք այն ժամանակ, երբ դուք չէք սպասեր», համացանցահէններու խօսքերը մէջբերած են լրատուամիջոցները:

Համացանցահէնները կը խոստանան շուտով աշխարհը զարմացնել իրենց ձեռք բերածներով:

Արդէն համացանցի վրայ յայտնուած են իսրայէլացի զինուորներու տարբեր լուսանկարներ եւ յորդանանցի զօրավարի մը ուղղուած` Կանցի անձնական նամակի պատճէնը, որուն մէջ նախարարը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «աջակցութեան եւ բարեկամութեան համար»:

Իսրայէլ արդէն մտահոգ է «Մայքրոսոֆթ»-ի ծրագրային ապահովման խոցելիութենէն, իսկ Իրան կը պատրաստուի նոր համացանցային յարձակումներէ պաշտպանուելու:

 

Նախորդը

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Յաջորդը

Բրիտանիան Ֆրանսայի Դեսպանին Յանձնած Է Ձկնորսութեան Հարցին Շուրջ Տարակարծութեան Պատճառով Բողոքագիր Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի,  Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք,  Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի, Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք, Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

January 24, 2026
Ուշաքով. «Թրամփի Պատուիրակներուն Հետ Փութինի  Բանակցութիւնները Շինիչ Ու Չափազանց Անկեղծ Էին»
Միջազգային

Ուշաքով. «Թրամփի Պատուիրակներուն Հետ Փութինի Բանակցութիւնները Շինիչ Ու Չափազանց Անկեղծ Էին»

January 24, 2026
Քոսթա. «Եւրոպական Միութիւնը Թրամփի  Հիմնած Խաղաղութեան Խորհուրդին  Նկատմամբ Լուրջ Կասկածներ Ունի»
Միջազգային

Քոսթա. «Եւրոպական Միութիւնը Թրամփի Հիմնած Խաղաղութեան Խորհուրդին Նկատմամբ Լուրջ Կասկածներ Ունի»

January 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.