Ռուս զինուորները Խրիմի մէջ փորձեր կատարած են` երեւակայական թշնամիի թեւաւոր հրթիռները ոչնչացնելու համար: Այս մասին 22 նոյեմբերին յայտնած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Էս-400 «Թրիամֆ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու եւ «Փանցիր» օդահրթիռային եւ թնդանօթային համակարգերու մարտական անձնակազմերը ծրագրուած փորձեր կատարած են` օդային թիրախներ գտնելու եւ ոչնչացնելու համար: Զինուորները մշակած են երեւակայական հակառակորդի թեւաւոր հրթիռները յայտնաբերելու, անոնց հետեւելու եւ ոչնչացնելու խնդիրները», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Թրիամֆ» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգի եւ «Փանցիր» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգի հաշուարկները յաջողութեամբ կատարած են առաջադրուած խնդիրները», ընդգծած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ուքրանիան անցեալ շաբաթ իր կարգին փորձ կատարած է Խրիմի մօտ: Խերսոնի շրջանին մէջ կատարուած են ծովային հետեւակային գումարտակային մարտավարական փորձեր` իսկական զինամթերքով եւ օդուժի մասնակցութեամբ: