Երկու խաղաղ բնակիչ սպաննուած եւ քաղաքային անձ մը ու վեց զինուորներ վիրաւորուած են Իսրայէլի կողմէ Հոմս քաղաքին վրայ կատարուած յարձակումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Յարձակումը պատճառ դարձած է երկու քաղաքայիններու զոհուելուն եւ քաղաքայինի մը լրջօրէն վիրաւորուելուն, ինչպէս նաեւ վեց զինուորներ վէրքեր ստացած են, հասցուած է նիւթական վնաս», կը գրէ սուրիական լրատու գործակալութիւնը:
ՍԱՆԱ-ի տուեալներով` օդային հարուածները հասցուած են Պէյրութի հիւսիս-արեւելքէն: Արձակուած իսրայէլեան հրթիռներուն մեծ մասը վնասազերծուած են սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ: