Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Ընդդիմութեան Ղեկավարները Նախագահական Արտակարգ Ընտրութեան Կոչ Ուղղած Են

November 25, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Հանրապետական ժողովուրդի եւ «Լաւ» կուսակցութիւններու ղեկավարներ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն ու Մերալ Աքշեները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ոչ ատակ ըլլալու մեղադրանք ուղղած են: Անոնք թրքական թղթոսկիի մրցանշային անկումին լոյսին տակ կոչ ուղղած են նախագահական արտակարգ ընտրութիւն կատարելու: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն:

Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը անցեալ հինգշաբթի օր որոշած էր հաշուարկային տոկոսի չափը 16 առ հարիւրէն նուազեցնել մինչեւ 15 առ հարիւրի: Այդ պատճառով թրքական թղթոսկիի փոխարժէքը շարունակած է նուազիլ` թարմացնելով պատմական նուազագոյնը, մէկ տոլարի դիմաց 11,29 լիրա, ինչ որ նոր մրցանիշ դարձած է:

«Էրտողան երկիրը հասցուցած է աղէտալի վիճակի, որմէ 84 միլիոն մարդ կը տուժէ: Ամբողջ երկիրը մտահոգ է, կը սպասէ վաղուան օրուան: Արդեօք նման կեանքը մեր ժողովուրդին կը վայելէ: Այս ամէնը պիտի շտկուի միայն արտակարգ ընտրութեան միջոցով», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քըլըճտարօղլու:

Աքշեներն ալ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահը ոչնչացուցած է երկրին հեղինակութիւնը:

«Եթէ ատիկա միտումնաւոր կատարուած է, ուրեմն բացայայտ դաւաճանութիւն է: Իսկ եթէ ատիկա քու ոչ ատակ ըլլալուդ հետեւանքն է, ապա ակնյայտ է, թէ ի՛նչ պէտք է ընել` երկրին մէջ ընտրութիւններ կատարել ու դադրեցնել այս խայտառակութիւնը», «Թուիթըր»-ի վրայ Էրտողանին դիմելով գրած է Աքշեներ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են յունիս 2023-ին:

 

Նախորդը

«Թշնամիներուն Պիտի Չարտօնենք Երկրին Շահերուն Եւ Շրջանային Ջուրերուն Դէմ Ոտնձգութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Ծովակալ Թանքսիրի

Յաջորդը

Երկու Խաղաղ Բնակիչ Զոհուած` Հոմս Քաղաքին Վրայ Կատարուած Իսրայէլեան Յարձակումին Պատճառով

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.