Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիեննայի Մէջ Սկսաւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւններու Եօթներորդ Փուլը

November 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 29 նոյեմբեր 2021-ին, Վիեննայի մէջ սկսաւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններու եօթներորդ փուլը: Այս գծով դրսեւորուեցան թեր ու դէմ կեցուածքներ: Իրանեան աղբիւրներ «դիւանագիտական յաղթանակ» որակեցին բանակցութեանց վերսկսումը, ուր Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Պաքեր Քանի յաջողեցաւ համոզել հինգ գերպետութեանց ներկայացուցիչները` նախապայման դնելով բանակցութիւններու սկզբնաւորութեան քննարկել Իրանի դէմ տնօրինուած ամերիկեան պատժամիջոցներու հարցը: Եռօրեայ այս խորհրդակցութեանց առանցքային օրակարգ կը նկատուին նշեալ պատժամիջոցներն ու ապա` Իրանի հիւլէական թղթածրարին գծով խօսակցութիւնները:

Իրանի «հիւլէական տէրութիւն» դառնալու հաւանականութիւնը խիստ մտահոգած է առնչակից կարգ մը երկիրներ: Արդարեւ, Իսրայէլի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ այս հարցը քննարկած են` շեշտելով  Իրանը «հիւլէական պետութիւն» դառնալէ զերծ պահելու անհրաժեշտութիւնը: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եայիր Լափիտի հետ միացեալ յօդուած ստորագրած են «Թելեկրաֆ» թերթին մէջ, ուր անոնք կ՛ընդգծեն «Իրանի յաւակնութիւնները խանգարելու հրամայականը»: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին խոստացած է «ամէն միջոց ի գործ դնել` արգիլելու համար Իրանի հիւլէական զէնքի ձեռքբերումը»:

«Էքսիոս» կայքը ամերիկեան աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլ գաղտնի սպասարկութեանց տեղեկութիւններ փոխանակած է ամերիկեան պատկան մարմիններուն հետ եւ թէ «Իրան աւելի քան երբեւէ մօտեցած է հիւլէական երկիր դառնալու սեմին»: Ըստ նոյն լրատուական կայքին, կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը այցելէ Ուաշինկթըն` խորհրդակցելու համար Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ:

Մաքրոն–Ռայիսի Հաղորդակցութիւն

Ըստ իրանեան աղբիւրներու, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած խօսակցութեանց ընթացքին քննարկուած են Վիեննայի մէջ համաձայնութեան մը յանգելու կարելիութիւնները:

Ըստ իրազեկ փորձագէտներու, Վիեննայի բանակցութեանց եօթներորդ փուլը կրնայ երկարիլ ութերորդ եւ իններորդ  փուլերու, նախքան վերջնական համախոհութեան յանգիլը:

 

Նախորդը

Կութիերես Կ՛ողջունէ Սոչիի Եռակողմ Յայտարարութիւնը

Յաջորդը

Էրտողան. «Թուրքիա Իսրայէլի Եւ Եգիպտոսի Հետ Պիտի Ձեռնարկէ Բանակցութեանց Նոր Փուլի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.