Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կութիերես Կ՛ողջունէ Սոչիի Եռակողմ Յայտարարութիւնը

November 30, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր  քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունած է 26 նոյեմբերին Սոչիի մէջ  Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը` կարեւոր նկատելով անոնց եռակողմ յայտարարութիւնը: Կութիերեսի պաշտօնական ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆարհան Հաք, որ հաղորդեց լուրը, աւելցուց. «Ան գոհունակութեամբ կը  նշէ Ռուսիոյ դերը շփումներու եւ երկխօսութեան շարունակման նպաստելու գծով»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը «կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի դիրքորոշումը, ըստ որուն` ամուր խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան միջոցով, եւ կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն լուծելու մնացեալ հարցերը բոլոր մատչելի ձեւաչափերով, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանաւորութեամբ»: ՄԱԿ-ը պատրաստ է սատարելու այդպիսի ջանքերուն, ինչպէս` մարդասիրական օգնութեան ցուցաբերման, վերականգնողական աշխատանքներուն եւ խաղաղաշինութեան աջակցութեան միջոցով: Սոչիի յայտարարութիւնը ստորագրուած է ի շահ Հարաւային Կովկասի կայունութեան, անվտանգութեան ու տնտեսական զարգացման»:

Կողմերը նաեւ համաձայնած են «քայլերու ձեռնարկել հայ-ազրպէյճանական սահմանի կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ հոլովոյթը մղել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ հետագային սահմանագծման հարցով երկկողմանի կողմերու յայտնի հիման վրայ Ռուսիոյ  խորհրդատուական մասնակցութեամբ յանձնախումբ ստեղծելու ուղղութեամբ»:

Նախորդը

Փեսքով. «Ռուսիա Մտադիր Չէ Յարձակում Գործել Որեւէ Երկրի Վրայ»

Յաջորդը

Վիեննայի Մէջ Սկսաւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Բանակցութիւններու Եօթներորդ Փուլը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.