Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յառաջիկայ դեկտեմբերի սկիզբը պիտի այցելէ Ծոցի կարգ մը երկիրներ: Էլիզէի նախագահական պալատը, որ հրապարակեց լուրը, հաղորդեց, որ 3 եւ 4 դեկտեմբերին Մաքրոն պիտի այցելէ Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
Միւս կողմէ, նախագահ Մաքրոն Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմի քահանայապետին եւ այլ բարձրաստիճան կղերականներու հետ: Հռոմի պապին հետ խորհրդակցութիւնները շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութեանց ամրապնդման կարեւորութիւնը: Խորհրդակցութիւնները նաեւ ընդգրկեցին միջազգային հասարակաց հարցեր: