Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Աշխարհը Կապուած Է Մէկ Մարմինի Գործարաններու Պէս» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

January 13, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ընդգծած է թրքական երկիրներու միասնութեան անհրաժեշտութիւնը վերջին անկարգութիւններուն ժամանակ Ղազախստանին աջակցելու հարցին մէջ` ընդգծելով, որ Թուրքիան վճռականօրէն կ՛աջակցի այդ երկրին:

«Իբրեւ թրքական պետութեանց ընտանիք` մենք այս դժուար պահուն կ՛աջակցինք մեր ղազախ եղբայրներուն եւ համերաշխ ենք անոնց հետ», ըսած է Չաւուշօղլու` խօսք արտասանելով Թրքական կազմակերպութեան անդամ եւ դէտ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու` Ղազախստանի իրադարձութիւններու գնահատման յատկացուած առցանց արտակարգ հանդիպումի ժամանակ:

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի, ան նաեւ նշած է, որ Անգարան մտահոգութեամբ կը հետեւի Ղազախստանի իրադարձութիւններուն, որ թրքական աշխարհը մեծ ընտանիք է, որուն կապուած են մէկ մարմինի գործարաններու պէս:

Չաւուշօղլուն վստահեցուցած է, որ թուրք ժողովուրդները իրենց ամբողջ ներուժով պիտի աջակցին Ղազախստանին եւ համակողմանի աջակցութիւն պիտի տրամադրեն:

«Իբրեւ ազգ` մենք շատ տխուր ենք Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն համար, ինչպէս որ ամբողջ մարմինը կը տուժէ, երբ անոր մէկ մասը կը ցաւի: Կը մաղթենք Ալլահի ողորմածութիւնը զոհուածներուն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ընդգծած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, Չաւուշօղլու աւելցուցած է, որ Անգարան ուրախ է, որ կացութիւնը կը վերահսկուի, եւ գոհ է Ղազախստանի մէջ նոր վարչապետի նշանակումէն, ինչպէս նաեւ ըսած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ աշխատիլ Ղազախստանի հետ համագործակցութեամբ:

«Իբրեւ Թուրքիա` մենք սկիզբէն կապի մէջ եղած ենք Ղազախստանի իշխանութիւններուն հետ: Մեր հասարակութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւէր իրադարձութիւններու զարգացման, եւ մենք ազգովին մտահոգուած էինք: Այսուհետեւ, մեր ճամբուն վրայ ինչ ալ պատահի, մենք մեր բոլոր միջոցներով կ՛աջակցինք Ղազախստանին եւ պատրաստ ենք լարելու մեր բոլոր միջոցները», ըսած է ան:

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Ղազախստանի Նախագահի` ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահ Ուժերու Առաքելութեան Աւարտը Յայտարարելը Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Այդ Ուժերը Երկրէն Հեռացնելու» Կ՛ըսէ Փրայս

Յաջորդը

ՕԹԱՆ Ռուսիոյ Հետ Հրթիռներու Սահմանափակման Շուրջ Բանակցութիւններ Կ՛առաջարկէ, Սակայն Ուքրանիոյ Անդամակցութեան Անոր Վեթոն Կը Մերժէ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.