Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղակայուած Ռուս Խաղաղապահները Շուքի Տակ Առնելը Պիտի Չյաջողի» Կ՛ըսէ Զախարովա

January 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ անդրադարձած է 10 յունուարին Արցախի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ շարք մը սադրանքներու իրագործման, երբ թշնամին կրակ բացած էր Կարմիր Շուկայ, Թաղավարդ եւ Նախիջեւանիկ գիւղերուն ուղղութեամբ: Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրող մը նշած է, որ ազրպէյճանական կողմը այս միջադէպերով կարծես կը փորձէ շուքի տակ առնել Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը:

«Եթէ նոյնիսկ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ շուքի տակ առնել մեր խաղաղապահները, պիտի չյաջողի, որովհետեւ անոնց աշխատանքը լաւ համակարգուած է, յստակ, կը բխի ճգնաժամի լուծման շահերէն: Բայց առաւել յստակութեան համար, կը կարծեմ, ճիշդ պիտի ըլլար, որ այս հարցով դիմէիք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն: Խաղաղապահները երկու կողմերուն հետ ալ մնայուն կապի մէջ են եւ անհրաժեշտութեան պարագային միջադէպերու հետաքննութիւն կը կատարեն», ըսած է Զախարովա:

Ան նաեւ յայտնած է. «Մենք լրջօրէն մտահոգուած ենք հայ-ազրպէյճանական սահմանի (կացութեան) սրումով: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալու ուժային գործելաոճերէն եւ բոլոր վիճելի հարցերը լուծելու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման «հիմնական դեղատոմսը» հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի շուտափոյթ գործարկումն է` հետագային սահմանագծումով:

Նախորդը

«Անվտանգութեան Վերաբերեալ Մեր Առաջարկներուն Պատշաճ Պատասխանի Մը Կը Սպասենք» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

«Փութինի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Հաստատումը Յարաբերութիւններու Խզումի Համազօր Պիտի Նկատուի» Կ՛ըսէ Փեսքով

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.