Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կարծիքով` Ղազախստանի մէջ անկարգութիւններու նոր սրում դժուար թէ կարելի ըլլայ:
«Ես չէի խօսեր որեւէ վրէժի կամ նոր սրումի մասին, գրեթէ համոզուած եմ, որ ատիկա անկարելի է, որովհետեւ նախ` կացութիւնը վերահսկողութեան տակ է: Երկրորդ` հիմա մեծ աշխատանք կը տարուի ամբողջ պատկերի, բոլոր մասնակիցներու յստակացման ուղղութեամբ: Ըստ այնմ, քայլերու պիտի ձեռնարկուին Ղազախստանի Հանրապետութեան օրէնքի ծիրին մէջ: Եւ, ի հարկէ, բոլորը իրենց համար եզրակացութիւններ կատարած են այս կացութենէն` ո՛չ միայն ղազախ ժողովուրդը, այլ նաեւ ղեկավարութիւնը», ըսած է ան «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Մեկնաբանելով կազմակերպութեան խաղաղապահներու մուտքը Ղազախստան` ան նշած է, որ այս իրադարձութիւնները դաս դարձած են:
«Որոշ ժամանակ ետք հանգիստ մթնոլորտի մէջ մենք պիտի վերլուծենք այս ամբողջ հոլովոյթը, մենք պիտի կատարենք որոշակի հետեւութիւններ եւ անհրաժեշտութեան պարագային որոշակի ճշգրտումներ պիտի ընենք: Այլ հարց, թէ ես մեր գործունէութեան լուրջ վերակազմաւորման կարիք չեմ տեսներ, որովհետեւ համակարգը, այն մեքանիզմները, զորս մենք ՀԱՊԿ-ի մէջ ստեղծած ենք, հիմա իսկապէս աշխատած են եւ լաւ աշխատած են», ընդծգած է ան:
Խօսելով Ղազախստանի մէջ կացութեան մասին` Զաս նշած է. «Արտակարգ դրութիւնը կը գործէ, սահմանափակող քայլեր կան: Կարելի չէ ըսել, որ երկիրը ամբողջութեամբ վերադարձած է բնականոն կեանքի, անիկա ատոր կը վերադառնայ»:
Գնահատելով Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւնը` կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը յայտարարած է, որ գործողութիւնը բաւական արդիւնաւէտ էր, եւ խաղաղապահներուն առջեւ դրուած նպատակները իրականացած են:
«Խնդիրը շատ պարզ էր` մարդոց անվտանգութեան երկրի կայունութեան ապահովման գործին մէջ օգնել եղբայրական ղազախ ժողովուրդին: Եւ այդ նպատակը պատուով կատարուած է խաղաղապահներուն կողմէ, սակայն կարեւորագոյնը այն է, որ նման գնահատականներ կու տան Ղազախստանի ժողովուրդն ու նախագահը», ըսած է Զաս:
Անոր համաձայն` այն ամէնը, ինչ որ ըրած են խաղաղապահները, օգուտ տուած է Ղազախստանին, իսկ ՀԱՊԿ-ի ուժերու հեռացումէն ետք բոլոր զրպարտութիւններն ու յարձակումները, որոնք առնչուած են Ղազախստան զօրակազմ ուղարկելու որոշումին հետ, ուղղակի յօդս պիտի ցնդին: