Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորական նամակ մը յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիին` Ուքրանիոյ Անկախութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ալիեւ նշած է, որ առաջնորդուելով միջազգային օրէնքի արժեչափերով եւ սկզբունքներով, ՄԱԿ-ի կանոնագրութեամբ` Ազրպէյճանը կը յարգէ պետութիւններու, ներառեալ Ուքրանիան, տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
«Մենք պիտի շարունակենք մարդասիրական հարցերուն մէջ օգնութիւն ցուցաբերել ուքրանացի ժողովուրդին», աւելցուցած է Ալիեւ:


