Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի Մար-ա-Լակոյի մէջ գտնուող իր կալուածին մէջ առնուազն 300 գաղտնի փաստաթուղթ պահած է: Գաղտնի նիւթերու շարքին են «Սի.Այ.Էյ.»-ի, Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եւ «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի փաստաթուղթերը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը:
Ամերիկեան օրաթերթը կը նշէ, որ Թրամփ յունուարին շուրջ 150 գաղտնի փաստաթուղթ փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային արխիւներու եւ փաստաթուղթերու վարչութեան: Թրամփի ներկայացուցիչները մնացեալ գաղտնի փաստաթուղթերը Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան յանձնած են յունիսին, իսկ որոշները գրաւուած են օգոստոսի սկիզբը` Մար-ա-Լակոյի մէջ խուզարկութեան ընթացքին:
«Այժմ Սպիտակ տան ներկայացուցիչները ունին նիւթերու 26 տուփեր, զորս Թրամփ պահած է իր մօտ. անոնց մէջ կայ «շատ գաղտնի» մակագրուած թղթածրար մը», կը նշուի հրապարակումին մէջ:
Թրամփ իր տան խուզարկութիւնը կապած է 2024 թուականին Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան իր յառաջիկայ մասնակցութեան: 12 օգոստոսին յայտարարուած է, որ «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի գործակալները գրաւած են գաղտնի փաստաթուղթերու 11 հաւաքածոներ, որոնցմէ մէկ քանին «շատ գաղտնի» նշումով եղած են եւ պէտք չէ դուրս բերուէին պետական յատուկ հաստատութիւններէն: Դուրս բերուած են նաեւ շուրջ 20 տուփ իրերով եւ լուսանկարներով թղթապանակներ:


