Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Լիզ Թրաս յայտարարած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է հիւլէական զէնք օգտագործելու, եթէ վարչապետ դառնայ: «Տը Թելեկրաֆ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է իր մրցակից Ռիշի Սունաքի հետ նախընտրական բանավէճի ընթացքին:
Հաղորդավարուհին Թրասին հարցուցած է, թէ ինչպէ՞ս պիտի վարուի, եթէ իբրեւ վարչապետ պաշտօնավարելու ընթացքին հիւլէական զէնք օգտագործելու կարիք ըլլայ: «Կը կարծեմ, թէ ասիկա վարչապետի կարեւոր պարտականութիւնն է. ես պատրաստ եմ ատիկա ընելու», ըսած է ան:
Պահպանողական կուսակցութիւնը նոր ղեկավար կ՛ընտրէ վարչապետի պաշտօնէն Պորիս Ճոնսընի հրաժարականէն ետք: Կառավարութիւնը պիտի ղեկավարէ կուսակցութեան ղեկավարը:
Մէկ շաբաթ առաջ Թրաս քարոզարշաւի մէջ զգալիօրէն յառաջ անցած է իր մրցակից Ռիշի Սունաքէն. 18 օգոստոսին կատարուած հարցախոյզի համաձայն, Պահպանողական կուսակցութեան անդամներուն 66 առ հարիւրը կը պատրաստուին անոր աջակցելու, իսկ Սունաքին` 34 առ հարիւրը:
Թրաս նաեւ խոստացած է վարչապետ ընտրուելու պարագային Ռուսիոյ շուրջ հետախուզական տեղեկութիւնները գաղտնազերծել` աշխարհին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մարտավարութիւնները ցոյց տալու համար:
«Կառավարութիւնս գաղտնի սպասարկութիւնը ռազմավարական կերպով պիտի օգտագործէ Քրեմլինի` ազատասէր ժողովրդավարութիւններու կայունութիւնը ականահարելու եւ քայքայելու փորձերը բացայայտելու համար», ըսած է ան:
«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թրաս նախապէս յայտարարած էր, որ մտադիր է Ինտոնեզիոյ մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի յառաջիկայ վեհաժողովի ընթացքին հանդիպում ունենալու, եւ անոր գրասենեակը յայտարարած է, թէ ան «Ռուսիոյ նախագահը խորհրդակցութեան հրաւիրելու» իր խոստումէն չէ հրաժարած:


