Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն:
«Մեհր» կը հաղորդէ, որ Յեղափոխական պահակագունդի «Համզէ Սայետ Շուհատա» զօրամասը Արեւմտեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ (Իրանի հիւսիս-արեւմուտքը) հրետանային եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուցած է Իրաքի հիւսիսը տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն:
Յեղափոխական պահակագունդը շաբաթ օր յայտարարած էր, որ իր ստորաբաժանումները սկսած են Իրաքի հիւսիսը «հակաիրանեան ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերու ոչնչացման: Այդ խմբաւորումները վերջին օրերուն ներխուժած էին Իրանի հիւսիսարեւմտեան սահմաններ եւ յարձակած մեր երկրի որոշ սահմանամերձ կայաններուն վրայ»:


